2014-09-24 12:34:15

Կարդինալ Քոխի խաղաղութեան եւ միութեան պատարագը Ամմանի մէջ` հալածանքները առիթ են քրիստոնեաներու միութեան ամրապնդումին։


16-23 սեպտեմբեր Ամմանի մէջ կայացած Կաթողիկէ – օրթոտոքս աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի հանդիպումի առթիւ, անցեալ 20 սեպտեմբեր 2014-ին Կարդինալ Քիւրտ Քոխը` քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի Նազարէթի Տիրամօր նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ, Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի մասնակցութեամբ, գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը նուիրուած խաղաղութեան եւ միութեան դիտաւորութեան որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Կաթողիկէ – օրթոտոքս աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի անդամներուն։ Իր արտասանած քարոզին մէջ քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը յայտարարեց թէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքները չեն գործադրուիր որովհետեւ անոնք կաթողիկէ օրթոտոքս կամ բողոքական են այլ պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ են։ Այս մէկը առաւել պատճառ մըն է աշխատելու մեր միութեան համար, ունենալով աշխարհի նկատմամբ բացուածք մը, յատկապէս աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն, ու նաեւ մեր իսլամ եղբայրներուն եւ այլ կրօններու հետ երկխօսութեան իղձ''։
Վերոյիշեալ արարողութեան աւարտին Կարտինալ Սանտրին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց Սուրբ Աթոռի զօրակցութիւնը` Արեւելեան Եկեղեցիներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.